Friday, July 04, 2025. ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ. . .
‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ 
«Հայրենիք» – Պոսթըն Խմբագրական Գլխապտոյտի մէջ է Աշխարհը, իր բիւրաւոր բնակիչներով։ Կացութիւնը յար եւ նման է իտալացի «Չինեչիթա»-ի ...

Friday, July 04, 2025
ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
Մեծ, Գեղեցիկ Հաշուեցոյց․․․

«Հայրենիք» – Պոսթըն Խմբագրական Գլխապտոյտի մէջ է Աշխարհը, իր բիւրաւոր բնակիչներով։ Կացութիւնը յար եւ նման է իտալացի «Չինեչիթա»-ի չաստուածներէն՝ Ֆետերիքօ Ֆելինիի բեմադրած մէկ երգիծական՝ «Prova d'orchestra» (Նուագախումբի փորձ) ժապաւէնին, ուր ղեկավարը չի կրնար կացութեան տէր դառնալ, նուագող արուեսագէտներ իրար չեն հանդուրժեր եւ ամբարտաւան կերպով կը բողոքեն։ Անդորրութիւնը այնքան մը կը խանգարուի, որ պահ մը մաէսթրոն …

The post Մեծ, Գեղեցիկ Հաշուեցոյց․․․ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Լոյս Տեսաւ․- «Դրօշակ» Թիւ 6, 2025

Կարդալու համար, սեղմել․- «Դրօշակ» թիւ 6, 2025

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Լոյս Տեսաւ․- «Դրօշակ» Թիւ 6, 2025 appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Փաշինեան Կը Մրցի Թ​ալէաթին Եւ Ստալինին Հետ՝ Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ

Յարութ Սասունեան Թաւալող իւրաքանչիւր օրուան հետ Հայաստան քիչ մը աւելի կը գլորի դէպի բռնապետութիւն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին օգտագործուած գռեհիկ, նոյնիսկ պոռնկագրական բառապաշարը բացարձակապէս անյարիր է կառավարութեան ղեկավարին: Ըստ «Ազատութիւն» կայանին, Դիմատետրը վերջերս ջնջեց անոր գրառումներէն մէկը՝ հոն օգտագործուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն համար։ Վարչապետը բանտարկեց տասնեակ քաղաքական հակառակորդներ, …

The post Փաշինեան Կը Մրցի Թ​ալէաթին Եւ Ստալինին Հետ՝ Հայ Հոգեւորականներու Հալածանքին Մէջ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց աւելի քան 120 անձեր, որոնք կը գտնուին փտածութեան մեղադրանքներու տակ։ Ձերբակալեալները առնչութիւններ ունին Իզմիր քաղաքապետարանին հետ, որուն կատարած գործառնութիւններուն շուրջ հետաքննութիւններ բացուած են։ Իզմիրի քաղաքապետարանը կը գտնուի ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան կառավարման տակ։ Ձերբակալեալներուն շարքին են Իզմիրի նախկին քաղաքապետ Թունչ Սոյեր եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան նահանգային կապի ղեկավար Շենոլ Ասլանօղլու։ Իզմիր Թուրքիոյ …

The post ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 2 Յուլիս 2025 haroutchekijian.wordpress.com Հայաստանի հին եկեղեցին ինքզինք քաղաքական փոթորիկի մը կեդրոնին մէջ կը գտնէ, երբ կառավարութիւնը անոր շարքերուն մէջի իրեն ընդդիմադիրները կը ճնշէ: Այս է «Ռաշա Թուտէ»-ի, 29 Յունիս 2025-ի, Քրիստինա Սիզովայի կողմէ ծաւալուն՝ 12 լուսանկարներով գլխաւոր յօդուածին խորագիրն ու ենթախորագիրը (1), որ ստորեւ կը թարգմանեմ: «27 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, …

The post Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ.- Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան Ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ համաժողովէն ընտրուած կեդրոնական վարչութիւնը իր երկրորդ լիակատար նիստերը գումարեց 18-24 Յունիսին, Ճոհաննեսպըրկի (Հարաւային Ափրիկէ) մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ժողովին մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Հայր Սուրբը նիստերուն իր մասնակցութիւնը …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ.- Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան Ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ֆիլատելֆիոյ Մէջ «Համազգային» Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Երաժշտական Փառատօն

«Համազգային»ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութեան կազմակերպած աննախընթաց հայ երաժշտական Փառատօնը տեղի ունեցաւ Յունիս 19-21-ին Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մասնակցութեամբ վաստակաշատ երաժիշտներ` Զաքար Քէշիշեանի, Սեւակ Աւանեսեանի, Հրաչեայ Աւանեսեանի եւ Սերուժ Գրաճեանի, ինչպէս նաեւ 20 մասնակից երեխաներու եւ պատանիներու։ Փառատօնին նպատակն էր հայ երաժշտութիւնն ու երաժշտական գործիքները ծանօթացնել կրտսեր երաժիշտ – …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Ֆիլատելֆիոյ Մէջ «Համազգային» Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Երաժշտական Փառատօն appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 33-րդ Նաւասարդեան Խաղերը՝ Շիքակոյի Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, Շիքակոյի մասնաճիւղը կը հիւրընկալէ 33-րդ Նաւասարդեան խաղերը, Յուլիս 3-էն 6, 2025-ին: Վայր՝ Westin Chicago Northwest (400 Park Blvd, Itasca, IL) պանդոկ: Խաղերը տեղի կ՛ունենան Canlan Sports մրցավայրին մէջ, 28156 W Northpointe Pkwy, Barrington, IL։ Տեղեկոիթիւններու համար, հետեւիլ Նաւասարդեան Խաղերու կայքէջը navasartianeusa.com:

The post Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 33-րդ Նաւասարդեան Խաղերը՝ Շիքակոյի Մէջ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Գերշ. Տ․Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան՝ Ռէյսինի Մէջ

Կիրակի, 29 Յունիսին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, նախագահեց Ռէյսինի (Ուիսքանսին) Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսի առթիւ տեղի ունեցած Անդաստանի արարողութեան եւ մատաղի օրհնութեան, մօտակայ «Ճէյսըն Փարք»-ի մէջ։ Շուրջ 800 ներկաներու ուղղելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց գործակցութեամբ աւելի քան կէս դարու …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Գերշ. Տ․Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան՝ Ռէյսինի Մէջ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Մահազդ – Սիրան Սալիպեան (1934-2025)

Ոչ Եւս է տիկին Սիրան Սալիպեանը, որ գրեթէ քառասուն տարի ծառայած էր Պոսթընի Հայկական ծերանոցին։ Տիկին Սալիպեան մահացաւ Յունիս 28-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, իր սիրելի զաւակներուն՝ Կարոյին եւ Ռիթային կողքին։ Ան 90 տարեկան էր։ Ծնած Նոյեմբեր 17, 1934-ին՝ Դամասկոս (Սուրիա), Արմենակ եւ Վերա Մահտէսեաններու չորս զաւակներէն մէկն էր, էլմաստի, Աւետիսի եւ Ղեւոնդի կողքին, եւ մէկ մեծ …

The post Մահազդ – Սիրան Սալիպեան (1934-2025) appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013