Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 Յուլիս 2025 Ուքրայինան, Կազան, Իրանը, մեզի համար՝ Արցախ-Հայաստանը վերջին տարիներուն կը կազմեն տագնապի կիզակէտեր, որոնք ...
‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ 

Monday, July 21, 2025
ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
ՀԵՌՈՒ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ.- ԱՓՐԻԿԷՑԻՔ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ

  Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 Յուլիս 2025 Ուքրայինան, Կազան, Իրանը, մեզի համար՝ Արցախ-Հայաստանը վերջին տարիներուն կը կազմեն տագնապի կիզակէտեր, որոնք իրենց վրայ կեդրոնացուցած են աշխարհի ուշադրութիւնը: Կան, անշուշտ, այլ հարցեր, ինչպէս՝ կենսոլորտի, գաղթականներու եւ այլ տագնապները, որոնք նոյնքան ուշագրաւ են աշխարհի համար, սակայն առաջին շարքը ուրիշ հարցերէ կը տարբերի՝ իր մահացու եւ քանդիչ յատկանիշներուն հետեւանքով: Վերոյիշեալ՝ …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post ՀԵՌՈՒ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ.- ԱՓՐԻԿԷՑԻՔ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Առօրեայէն (18-19 Յուլիս)

Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի օգտակար ու ուշագրաւ օրակարգերը մէկը միւսը փոխարինեցին: 19 Յուլիսին բանակողները քայլարշաւի ընթացքին հետախուզական նշաններով գործելու փորձառութիւնը շահեցան, անոնք խումբերու բաժնուելով հետեւեցան բնութեան մէջ տեղադրուած հետազօտական նշմարներուն եւ յաջողեցան հասնիլ բանակավայրէն Թեժառոյքի վանական համալիր: Անցնող օրերուն բանակումի դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց՝ քննարկում-զրոյց «Հ.Յ.Դ.-ի ազդեցութեան բարձրացումը եւ հզօրացման քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» …

The post Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Առօրեայէն (18-19 Յուլիս) appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Ընդունեց Բանաձեւ մը Արցախի Մասին՝ Դատապարտելով Ատրպէյճանը

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 18-ին, Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը, միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան» վերաբերեալ։ Այս բանաձեւը նախապէս առաջադրուած էր Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբէն՝ Յուլիս 2-ի միաձայն քուէարկութեամբ։ Բանաձեւը ներկայացուած էր երեսփոխաններ Էլս Ֆան Հոֆի եւ Միշէլ Տը Մէյկըտի կողմէ։ …

The post Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Ընդունեց Բանաձեւ մը Արցախի Մասին՝ Դատապարտելով Ատրպէյճանը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Տոքթ․ Յարութիւն Արմէնեանի Յիշատակին

Երեքշաբթի, Յուլիս 15-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ստեղծած եւ է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանը: Ծնած 1942-ին Պէյրութ, ան իր կրթութիւնը ստացած է «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան աստիճանին տիրանալէ ետք, ուսումը շարունակած է …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Տոքթ․ Յարութիւն Արմէնեանի Յիշատակին appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Մոհամէտ Նահիանը, որուն հետ քննարկումներ կատարուեցան՝ Թուրքիա – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններուն ամրապնդման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։ Էրտողան եւ Նահիան նաեւ նախագահեցին Թուրքիա- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ռազմավարական պետական յանձնախումբին ժողովին։ Այս մարմինին նպատակն է զարկ տալ երկու երկիրներուն …

The post ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Նախա՞նձ, Թէ՞ Նախանձախնդրութիւն      

   Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան Նախանձ եւ նախանձախնդրութիւն . . . հայերէն այս երկու բառերը նոյն արմատը ունին, սակայն հակոտնեայ իմաստ ունին եւ ինչպէս ցերեկը գիշերէն կը տարբերի այնպէս ալ այս երկուքը: Նախանձը Եօթը Մահացու Մեղքերէն մէկն է, որուն կապանքներէն կալանուած մէկը կը յատկանշուի իր ատելավառ զգացումներով, քինախնդրութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ: Իսկ նախանձախնդրութիւնը ազնուական առաքի-նութիւն …

The post Նախա՞նձ, Թէ՞ Նախանձախնդրութիւն       appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ստալինիզմից-Նիկոլիզմ

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ «Ես խնդրում եմ սովետական կառավարութեանը` կրկնապատկել, եռապատկել պահակախումբը Ստալինի շիրիմին, որ Ստալինը վեր չկենայ եւ նրա հետ՛ ստալինիզմը» ԵՒԳԵՆԻ ԵՒՏՈՒՇԵՆԿՕ Այս տողերը Խորհրդային Միութեան ռուս նշանաւոր բանաստեղծ, ժամանակի երիտասարդութեան կուռք Եւգենի Եւտուշենկոն գրել էր 1961թ, երբ Խրուշչովի հրամանով Ստալինի դին դամբարանից հանում, գիշերով թաքուն թաղում են Քրեմլինի պարսպի տակ: Երկրում հաստատւում …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Ստալինիզմից-Նիկոլիզմ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

  Կիրակի, 13 Յուլիսին, «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 39-րդ տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ Սուրբ Պատարագով, զոր մատուցանեց ​լսարանի դասատուներէն Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան​ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ի յիշատակ լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն եւ բարերարներուն։ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սրբոց Վարդանանց …

The post Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

        
Փոթորիկ՝ Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ․․․

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Ռիչմընտ -Վըրճինիա Երբ մեր հայրենիքէն ներս ծայր տուած Ամէնայն Հայոց կաթողիկոսի կուսակրօնութեան խախտման մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած ու մինչեւ օրս չապացուցուած ամբաստանութեան կ՛անդրադառնայինք, տակաւին մակերեսային այդ վէճը չէր ելած իր հունէն ու միայն կաթողիկոսին անձը մեղադրելու եւ Էջմիածնի Սուրբ Աթոռէն անոր հրաժարականը ձեռք բերելու պահանջով կը բաւարարուէր։ Սակայն ինչպէս կը սպասուէր, Հայ եկեղեցւոյ …

The post Փոթորիկ՝ Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ․․․ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Յայտարարութիւն՝ Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Խորհուրդի

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Յուլիս 17-ին, արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ դատապարտելով Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերը՝ Արցախի կառոյցներուն դերը նսեմացնելու եւ զանոնք վերացնելու: Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.- Արցախցիների իրաւունքների պաշտպանութեան խորհուրդը դատապարտում է Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան կողմից Վարչական դատարան ներկայացուած հայցը՝ Երեւանում Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքը անվաւեր ճանաչելու պահանջով: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները փաստացի քայլեր են …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Յայտարարութիւն՝ Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Խորհուրդի appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Email to a friend

www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013