Friday, August 01, 2025. ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ. . .
‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ 
«Հայրենիք» – Պոսթըն Խմբագրական Զարմանալի չէ Արցախի մէջ վերջին օրերու զարգացումները, մասնաւորաբար բազմաթիւ շրջաններու մէջ ծագած ...

Friday, August 01, 2025
ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
ՏԱՐԱԳՐԵՑԻՆ, ԳՐԱՒԵՑԻՆ, ՍՐԲԱՊՂԾԵՑԻՆ, ԻՍԿ ՀԻՄԱ ԿԸ ՀՐԿԻԶԵՆ…

«Հայրենիք» – Պոսթըն Խմբագրական Զարմանալի չէ Արցախի մէջ վերջին օրերու զարգացումները, մասնաւորաբար բազմաթիւ շրջաններու մէջ ծագած անտառային հրդեհները: Պարզ աչքով տեսանելի է, ու բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Պաքուի իշխանութիւնները ինչպիսի՜ նախնական միջոցառումներով իբրեւ թէ կը պայքարին հրդեհներուն դէմ՝ իր բնիկ եւ հողատէր ժողովուրդէն պարպուած, լուռ եւ տխուր Արցախի մէջ։ Ամառնային հրդեհներու շրջանին, երբ բազմաթիւ …

The post ՏԱՐԱԳՐԵՑԻՆ, ԳՐԱՒԵՑԻՆ, ՍՐԲԱՊՂԾԵՑԻՆ, ԻՍԿ ՀԻՄԱ ԿԸ ՀՐԿԻԶԵՆ… appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Լոյս Տեսաւ․- «Դրօշակ» Թիւ 7, 2025

Կարդալու համար, սեղմել․- «Դրօշակ» թիւ 7, 2025

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Լոյս Տեսաւ․- «Դրօշակ» Թիւ 7, 2025 appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Երկիրը Կառավարելու Անկարող Անձը Հիմա Ալ Կը Փորձէ Վերահսկել Եկեղեցին

Յարութ Սասունեան Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ, մինչ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակը կը շարունակէ սրիլ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ զբաղած է՝ փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ։ Ան կարծես չի գիտակցիր, որ եկեղեցւոյ գործերուն իր մնայուն միջամտութեամբ կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը։ Աւելի՛ն. վերջին եօթը տարիներուն Փաշինեան …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Երկիրը Կառավարելու Անկարող Անձը Հիմա Ալ Կը Փորձէ Վերահսկել Եկեղեցին appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

«Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեանի եւ Արամ Պետրոսեանի դիմումը մերժուեցաւ իրաւապահներուն կողմէ։ Անոնք դիմած էին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի, Փտածութեան դէմ կոմիտէի նախագահ Արթուր Նահապետեանի եւ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արթուր Պողոսեանի՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ ՔՊ-ականներու դէմ քրէական վարոյթ ընդունելու համար, ներկայացնելով այն բոլոր գրառումները, որոնք կատարուած են ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հասցէին։ «Հայաքուէ»-ի …

The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ 13 Յունիս 2025-ին Իրանի Վրայ Յարձակումին Բառացի Դիպաշարը Արդէն Գրուած Էր 2009-ին Պրուքինկզ Հիմնարկին Կողմէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 13 Յուլիս 2025 Տը Նիու Աթլաս, եութիուպ քաղաքական վերլուծական կայքէջի գլխաւոր հաղորդավար՝ Պրայըն Պերլեթիքի Brian Berletic, The New Atlas, 22 յունիս 2025-ի նիւթն էր. «Միացեալ Նահանգներ կը ռմբակոծէ Իրանը՝ պատերազմական վտանգաւոր արարքով, իր կողմէ թոյլատրուած Իսրայէլի յարձակումէն ետք» (1): Պրայընի մասնագիտութիւնն է բոլոր համացանցը պրպտել, յատկապէս՝ գտնելու համար օրուան նիւթին կապակցութեամբ աշխարհի …

The post Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ 13 Յունիս 2025-ին Իրանի Վրայ Յարձակումին Բառացի Դիպաշարը Արդէն Գրուած Էր 2009-ին Պրուքինկզ Հիմնարկին Կողմէ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմըս Պարաքի հետ, որ շաբաթ մը առաջ բացայայտած էր, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը կը փափաքի վարձակալել Մեղրիի տարածքը՝ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը բանեցնելու համար։ Հանդիպումին մօտիկ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Պարաք Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկած է ստեղծուած իրավիճակը՝ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Հալէպէն Բրենզլաու Գոյատեւութեան Խճանկար Մը

Փրոֆ․ Արա Սայեղ Սուրիոյ մէջ մարտ 2011-ին սկսած ու երկիրը արիւնաքամ ընող քաղաքացիական անողորմ պատերազմի անտանելի դառնութիւնները, ապագայի հանդէպ շեշտուած անորոշութիւնները հարկադրեցին, որ ստուար թիւով սուրիահայեր իրենց սեփական տուները ետին թողած արտագաղթեն, խաղաղ ու անվտանգ կեանքի պայմաններով ապաստաններ գտնելու, մինչեւ իսկ օտար ու պղտոր հրապոյրով հորիզոններու վրայ ապաստանելու։ Անծանօթ, երբեմն չճանչցուած անուններով քաղաքներու մէջ, նոր …

Feed Ads by FeedBlitz
powered byad choices

The post Հալէպէն Բրենզլաու Գոյատեւութեան Խճանկար Մը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԻ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ» ՀԱՏՈՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան հովանաւորած 2025-ի գրական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը Գրողներու Միութեան մէջ։ Այդ առիթով ներկայացուեցաւ «Յանուն հայի յարատեւման» հաւաքածոն, որ կը պարուակէ այն գործերը, որոնք պարգեւատրուած էին 2024-ի մրցանակաբաշխութեան։ 322 էջնոց գիրքը լոյս տեսած է «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան հրատարակութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Թեմի բարեջան …

The post ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԻ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ» ՀԱՏՈՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ի՞նչպէս Կը Տնտեսենք Մեր Ժամանակը

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան Հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցած եմ ծխականներ որոնք ենթակայ եղած են բժշկական սխալ ախտաճանաչումներու: Մասնագէտ բժիշկներ, առաւելագոյն վեց ամսուայ կեանք տուած են անոնց: Այդ մարդոցմէ ոմանք ապրեցան երկար տարիներ եւ իրենց աչքերը փակեցին խոր ծերութեան մէջ: Բժշկական սխալ ախտաճանաչումներ իրենց թէ՛ վնասակար եւ թէ՛ օգտակար ազդեցութիւնները ունեցած են այսպէս կարծուած …

The post Ի՞նչպէս Կը Տնտեսենք Մեր Ժամանակը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Զիատ Ռահպանի Երեւոյթը

Ե․ Ա․ Պոսթըն – Մասաչուսէց Երեւոյթ բառը արդեօք ճիշդ ձեւով կ'ընկալուի՞, թէ՞ օտար բառը՝ «ֆենոմէն»ը աւելի ուժեղ կը հնչէ՝ բնութագրելու համար Զիատ Ռահպանի անունով արուեստագէտը: Կը կարծեմ, որ «ֆենոմէն»-ը քիչ մը աւելի հնչեղ է: Լիբանան եւ ընդհանրապէս արաբական արուեստի աշխարհը վերջերս կորսնցուց հազուադէպ տղայ մը՝ Զիատը, որուն մասին կարելի է շատ բան ըսել եւ չսպառել: …

The post Զիատ Ռահպանի Երեւոյթը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013