Thursday, February 04, 2016

ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
 
Վրացական Փորձաքար

p4 d

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Փետրուար 2, 2016

Անցողակի ձեւով պէտք չէ անցնիլ եւ կարեւորութիւն չտալ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի Հայաստան այցելութիւնը:
Արդէն իսկ նմանօրինակ եւ շատ աւելի անընդունելի «կաֆ» մը…սխալ մը, կատարած էր հայ մամուլն ու քարոզչական մեքենան, մօտէն չանդրադառնալով դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Դեկտեմբեր 16-17, 2015-ին, նոյնինքն նախարար Խիտաշելիի Պոլիս կատարած այցելութեան մասին: Այս այցելութիւնն ալ, քանի մը օր առաջ Երեւան կատարած այցելութեան գծով ո՛չ անձնական եւ ո՛չ ալ զբօսաշրջիկական բնոյթ ունէր:
Արդարեւ, Պոլսոյ մէջ,...

Read More »

        
 
Ճշմարտութեան Վայրկեանը

armenuian garo

Կարօ Արմենեան
Փետրուար 4, 2016
Ուաշինկթըն

Սահմանադրական հանրաքուէն արմատական փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մը կեանքի կոչեց Հայաստանի պետական կեանքին նոր որակ տալու յստակ առաջադրութեամբ։ Եւ սակայն երկրի իշխանական թևի ելոյթներն ու պահուածքը յստակ ոչինչ կ՚ըսեն այս մասին։ Ոչ ոք կ՚աճապարէ մեր պետականութեան այս նոր դարագլուխը արժանաւորապէս նշելու. զայն ոգևորութեամբ շեփորելու. զայն դրօշի վերածելու։ Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքն է, որ կը գործէ գերաստիճան հանգամանքով։ Այդ օրէնքն է, զոր դուք գլխիվայր շրջեցիք և նոր օրինակարգ...

Read More »

        
 
Սելինա Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս Կ՛արծարծէ Փոքրամասնութեանց Կրթօճախներու Դժուարութիւնները

p1 selina_dogan

ՊՈԼԻՍ («Մարմարա»).- Ժողովրդային Կուսակցութեան երեսփոխան՝ Սելինա Տողան, փոքրամասնութիւններու վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները հարթելու նպատակով, Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է՝ յայտնելով թէ Թուրքիոյ մէջ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարանները վերջին տարիներուն լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն։
Տողան շեշտած է, որ ցայսօր, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարաններէն ո՛չ մէկը դիտուած էր որպէս առեւտրական շահերու վրայ հիմնուած վարժարան։ 1936ին կիրարկուած օրէնքով, այս վարժարանները եկամուտի եւ հաստատութիւններու...

Read More »

        
 
Հ.Օ.Մ.-ի Մասնակցութիւնը Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ նիստին

HOM
Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի (CSocD) 54րդ նիստը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3-12, 2016-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղւոյն մէջ։ Այս նիստին առաջնահերթ նիւթը պիտի ըլլայ` «Վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ», որ կը միտի ստուգել տեւական յառաջդիմութեան միտող նորանոր կարելիութիւնները, եւ ձեւակերպել շօշափելի, յառաջամէտ քաղաքականութեան մղող յանձնարարութիւններ։ Ան կը միտի բացայայտել տեւական յառաջդիմութեան առընչուող ընկերային, տնտեսական եւ շրջապատային ազդակներու միջեւ...

Read More »

        
 
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՍԲ. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 100ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԱՐԺ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ԼԱԳԻՍԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ 10ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս,
Ինչպէս քարայր մþընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս,
Իր գաւիթով հիւրընկալ, իր լայն բեմով ու հեռուն
Կանգնած իր լուռ խորանով՝ որ կարծես նա՜ւ մþէ
ծըփուն…

Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ
Նաւահանգիստ մþէ խաղաղ. ցուրտ գիշերին՝ հուր
եւ բոց,
Ու տօթակէզ ցերեկին՝ անտա՜ռ մըն է ստուերոտ,
Ուր շուշաննե՜ր կը ծաղկին Շարականի գետին
մօտ…

Եկեղեցին Հայկական՝ մէն մի քարին տակ գետնի,
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…։
Եկեղեցին Հայկական, հայ հոգիին...

Read More »

        
 
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ ՍԿՍԱԾ Է ԱՆՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ԵՒ ԱՆՑԱՆԿԱԼԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՎ

Symbolique 2007

Symbolique 2007

Յ. Պալեան

Խորհրդային համակարգի փլուզումը եւ միատեսակ մարդկային ընկերութիւն ստեղծելու գաղափարաբանութեան ձախողութիւնը աշխարհի պետութիւնները եւ ղեկավարութիւնները չառաջնորդեցին լուրջ հարցադրումներով ուղղութիւններ ճշդելու: Եօթանասուն տարի շարունակ հետապնդուած սովետամարդ (homo sovieticus) ստեղծելու փորձը ոչնչացուեցաւ համակարգի փլուզումէն ետք եւ յայտնուեցան բացորոշ կերպով ազգայնական պետութիւններ, մշակութային ինքնութիւններու պատուանդանի վրայ:

Մշակութային, քաղաքակրթական, բարոյական արժէքներ ունեցած են եւ ունին պատմութեան ընթացքին...

Read More »

        
 
Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի Ներկայութեամբ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքը՝

hollande_vighuan tchitechian charles-480x320
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Երրորդ տարին ըլլալով, Հինգշաբթի Յունուար 28-ի երեկոյեան Փարիզի 8-րդ թաղամասի «Collectionneur» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքը, շուրջ 350 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, որ յաջորդաբար, երկրորդ տարին ըլլալով, ներկայ կը գտնուէր հաւաքին։ Ներկայ էին նաեւ՝ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայ գաղութի զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու...

Read More »

        
 
ՄՈՎՍԷՍԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅԷՆ ԵՏՔ ԿԻԿԵՐՈՆԻ ՏԱՍՆԸՄԷԿԱԲԱՆԵԱՆ

balian ten-commandments1

Մակար ի Գաղիա

Փետրուար 3, 2016

Մառնի ափին տեղ մը

Անուղղայ Կեդրոնականցին եթէ չճամբորդէ հոս հոն, կ’արշաւէ համացանցի եթերին մէջ: Մեզ ալ անմասն չի ձգեր տեսածէն եւ գտածէն:

Փետրուարին եթէ արեւ ալ ըլլայ, տունէն դուրս չեն գար տարեցները անդի աշխարհ տանող համաճարակներէն խուսափելու համար, Արմենակ եւ Էլպիս կու գան եւ կը յիշեցնեն, որ կեանքը կը շարունակուի: Ծիծաղով թէ տխուր:

Կէսօրը հազիւ անցած եկան: Ըսին՝ «ուզեցինք սուրճին հասնիլ»:

Մակարուհին լրացուց՝ «սուրճն ալ առանձին չի խմուիր»:

Սուրճին բոյրը իրմէ առաջ հասաւ: Մակարուհիին նոր զբաղումն է հեռատեսիլէն...

Read More »

        
 
Քեսապի Մէջ Նշուեցաւ Տեառնընդառաջը

12654169_747550532045940_364644305951295911_n
Կիրակի՝ Յունուար 31-ին, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10 :00-ին Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմմահ պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ տեղւոյն պատանեկան միութեան: 12644916_747550438712616_7018313842552770759_n
Վարդապետը իր քարոզին մէջ բացատրեց տօնին խորհուդը ըսելով.«Տեառնընդառաջի տօնը Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար տանելու յիշատակն է, իսկ խարոյկ վարելը եւ օրհնուած մոմեր տուները տանիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի լոյսը, որովհետեւ Ինքն է լոյսը աշխարհին»:12642584_747549772046016_6973919654690722903_n

Խորանի լոյսը՝ կրակը այս...

Read More »

        
 
ԱՆՄԱՐ ԱՍՏՂ ՄԸ՝ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Khedeshian

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վարուժան Խտըշեանը մաս կը կազմէ հոյլին այն աստղերուն, որոնք լուսաւորած են Հայ Բեմը եւ  2015ի վերջին օրերուն, Դուրեանի բառերով, գնաց աւելնալու երկինքի հայկական  աստղերուն եւ հոն մնալու իբրեւ լուսաշող յիշատակ։ Անոր երեւումը տեղի ունեցաւ անցեալ դարու 60ական տարիներուն, սլացքը տեւեց շուրջ կէս դար, ապրեցաւ վերիվայրումներ, սակայն իր անվիճելի պատուանդանը հաստատեց մեր արուեստի նորագոյն պատմութեան մէջ։

Համազգայինի թատերախումբին ամէնէն տաղանդաւոր «արտադրութիւններէն» էր, որ աւարտելէ ետք Ժորժ Սարգիսեանի «դպրոցը», գնաց Լոնտոն ու...

Read More »

        

 

www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
 
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
 
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013
 

Click here to safely unsubscribe from "Hairenik Weekly Newspaper."
Click here to view mailing archives, here to change your preferences, or here to subscribePrivacy

Email subscriptions powered by FeedBlitz, LLC, 365 Boston Post Rd, Suite 123, Sudbury, MA 01776, USA.