Thursday, February 18, 2016

ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
 
«ԱՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻՆՔ…»

p1 khemp president sargsyan constitution2ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Փետրուար 15, 2016
Խօսքը գործի վերածելու հրամայականի ժամը հնչած է:
Անկիւնադարձային եւ վճռական ժամանակաշրջան մը սկսաւ հայրենի ներքաղաքական կեանքէն ներս: Յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր, իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, պայքարած էր յաչս սահմանադրական փոփոխութիւններու:
Այսպէս, Հ. Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, անցեալ շաբաթավերջին, իր նստավայրին մէջ, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներու եւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու...

Read More »

        
 
ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ՝ Ի ՆՊԱՍՏ Հ.Օ.Մ.-Ի «ՍՕՍԷ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ

Angel Manoogian presents donations
Attendees enjoying the conservatory

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին համար:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ, Վըրճինիա Տէյվիսի Մանհաթընի բնակարանէն ներս, հարիւրի շուրջ ներկաներու մասնակցութեամբ:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց օժանդակութիւնը բերելու, այս կարեւոր գործին: Դրամահաւաքի յանձնախումբի անունով նաեւ,...

Read More »

        
 
Տիթրոյթի մէջ.- Հ.Յ.Դ.-ի Հիմնադրութեան 125-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն

EntryPosters

Նաւասարդ Մարտոյեան

Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան 125ամեակը տեղի ունեցաւ Յունուար 30, 2016ի Շաբաթ երեկոյեան, Burton Manorի մէջ, շուրջ հինգ հարիւր համակիրներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկին սկզբնաւորութենէն, օրուան մթլոլորտը եւ գաղափարականը կ՚արտացոլային տօնախմբուող կազմակերպութեան բերած բարոյական նպաստը եւ հանգանակը Հայ Ժողովուրդին։ Հիւրասրահի մուտքին, կարմիր գոհամակիրները մուտք գործեցին եւ ականատես եղան Հ.Յ.Դ.-ի աշխատանքներուն իրենց վաստակը բերած զանազան գործիչներ եւ իրենց կատարած աշխատանքին երախայրիքը։ Օրուան տօնակատարութեան հանդիսավարներն էին...

Read More »

        
 
ԽԵՂՈՒԱԾ ՃԱԿԱՏԱԳՐԵՐ.- ԽՐՃԻԹՈՒՄ ԱՊՐՈՂ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ԾԵՐԵՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՅՍԸ

????????????????????????????????????

Արմինէ Նարինեան
«Ապառաժ»

26 տարի է անցել Պաքւում ատրպէյճանցիների կողմից իրականացուած հայերի ջարդերից: 1990-ի Յունուարի 13-19-ը տեղի ունեցած վայրագութիւնների ու կոտորածների ականատեսները մինչ օրս չեն կարողանում իրենց յիշողութիւնից ջնջել կատարուածը: Պաքուի կոտորածներից փրկուածներն այսօր էլ չեն վերագտել խաղաղ, ապահով ու անվախ ապրելու բանաձեւը, իսկ կատարուածի մեղաւորները շարունակում են անպատիժ մնալ:
Չլուծուած խնդիրների շարքում են Պաքուից Արցախ բռնագաղթածների ընկերային-հոգեբանական, ընկերային-մշակութային ու ընկերային-տնտեսական հարցերը:...

Read More »

        
 
Տեառնընդառաջը՝ Վանաձորի Մէջ

4

Ամէն տարի, Փետրուար 14-ին, կը նշուի Տեառնընդառաջը, որ քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է:
Սոյն լուսանկարները առնուած են Վանաձորի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիէն:
Տեառնընդառաջի օրը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ պատարագ կը մատուցուի, տեղի կ՛ունենայ անդաստանի արարողութիւն, կ՛օրհնուին երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին ըլլայ արգասաբեր, ապա տեղի կ՛ունենայ նախատօնակի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերուն մէջ կրակ կը վառեն, հաւատացեալները այդ կրակէն մոմեր վառելով տուն կը տանին` Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց...

Read More »

        
 
Հալէպի Հայահոծ Շրջանները Ռմբակոծման Թիրախ

sokh2sokh3
Վերջին օրերուն, Հալէպը անգամ մը եւս կ՛ապրի դժուար օրեր: Հալէպի հայահոծ թաղամասերն ալ զերծ չեն մնացած, այս ահաւոր կացութենէն:
Փետրուար 15-ի գիշերուան ժամերուն, ռումբեր արձակուեցան ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ Նոր Գիւղ շրջանի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Հալէպի Ընկերաբժշկական Կեդրոնին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Հայ Ծերանոցի եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի ուղղութեամբ:

sokh5sokh1Բազմաթիւ, այլ հրթիռներ արձակուեցան նաեւ այլ հայահոծ շրջաններու՝ Սիւլէյմանիէի, Մէյսելունի, Ազիզիէի եւ այլ շրջաններու ուղղութեամբ:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Հալէպի...

Read More »

        
 
ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԶՍՊԱՇԱՊԻԿՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ

balian kaghaparapan

Յ. Պալեան

Գաղափարաբանութիւնը բարդ ամբողջ մըն է գաղափարներու եւ պատկերացումներու, որ ենթակայի աչքին կը ներկայանայ որպէս աշխարհի եւ սեփական կացութեան մեկնաբանութիւն, իրեն համար բացարձակ ճշմարտութիւն, որմով ինքզինք կ’արդարացնէ, կը թաքնուի, այս կամ այն ձեւով կը խուսափի, բայց իր անմիջական առաւելութեան համար:
Քարլ Եազբերզ,
Քրիստոնեայ հոգեվերլուծող եւ իմաստասէր, (1883-1969)

«Գաղափարաբանութիւն» (idéologie) եզրը ստեղծուած է ԺԸ դարուն, եւ կը նշանակէր «գիտութիւն՝ որուն առարկան գաղափարներու եւ ըմբռնումներու գիտութիւն մըն է»: Ներկայ ժամանակներուն այս...

Read More »

        
 
Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները…ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ (1926 – 2016)

p14 new Fazlian_Portrait_pic_1ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
(յապաւումով)
Նիւ Եորք

Ծ.Խ.- Փետրուար 15ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ իր մահկանցուն կնքած է ծանօթ բեմադիր եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը:
Ան կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ լիբանահայ թատրոնի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ: Հանդէս եկած է տասնեակներով շարժանկարներու մէջ եւ բեմադրած՝ մեծ թիւով թատերգութիւններ: Ֆազլեան իր ուրոյն տեղը ունեցած է նաեւ լիբանահայ գաղութի մտաւորական շրջանակներուն մէջ, մինչ իր դիրքորոշումները կ՚ընկալուէին խորագոյն յարգանքով: Որպէս...

Read More »

        
 
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

Layout 1

Ս. Մ.

Եթէ հարց տաք, թէ մանուկն ու պատանին ինչպէ՞ս կարելի է ներգրաւել ընթերցումի աշխարհէն ներս, մանկավարժ-դաստիարակ Սօնա Տիգրանեան կը պատասխանէ.- »Անոնց հաճելի ու գրաւիչ գիրքեր տրամադրեցէք«:
Սօնա Տիգրանեան այս պատասխանին շօշափելի մարմին տուած է երեք գունագեղ եւ գրաւիչ գրքոյկներով: «Ծաղկած Այբուբեն», «Երկիր» եւ «Անմոռուկ» խորագրեալ գրքոյկները արգասիքն են տարիներու աշխատանքի, եւ լոյս աշխարհ եկան 2015ի տարեփակի օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ, «Վարդգէս Պետրոսեան Մշակութային Ֆոնտ»ին ճամբով, արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն տարբերակներով:
Կողքին...

Read More »

        
 
ՕՏԱՐԱԳԻՐ «ՀԱՅ ԳԻՐՔ»Ը՝ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ ՈՐՈՆՑ ՀԱՄԱՐ

p12 balian

Յ. Պալեան

Մեծ թիւով հայածնունդներ կը գրեն աշխարհի տարբեր լեզուներով: Կացութիւն՝ որ հայ հանրային կարծիքը եւ մշակոյթի աշխատաւորները «չի հարցապնդեր», որոնք գոհունակութեամբ կը դիմաւորեն զայն:
Ինչո՞ւ կը գրուին այդ գիրքերը, ի՞նչ է անոնց կապը հայկական ժառանգութեան հետ, որոնց համար «հպարտութեան» դրօշ կը պարզենք: Միութիւններ իրենց թեւերը կը սօթտեն այդ խաղէն բացակայ չըլլալու համար:
Ինչո՞ւ կատարուած իրողութեան առջեւ գլխիկոր բաւարարութիւն եւ արդարացում կը փնտռենք: «Ղեկավարութիւններ» մի՞թէ անելանելի կը գտնեն տեղատուութիւնը, այդ պարագային պէտք...

Read More »

        

 

www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
 
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
 
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013
 

Click here to safely unsubscribe from "Hairenik Weekly Newspaper."
Click here to view mailing archives, here to change your preferences, or here to subscribePrivacy

Email subscriptions powered by FeedBlitz, LLC, 365 Boston Post Rd, Suite 123, Sudbury, MA 01776, USA.