Friday, June 12, 2020 ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ... ՆՈՒԻՐԵ՛ՆՔ… ՓԱՇԻՆԵԱՆ – ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԸ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏԻՆ ՄԷՋ ...
‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ ‌ 
ՀԱՅՐԵՆԻՔ Խմբագրական « Իսկական առատաձեռնութիւն կը նկատեմ այն, որ երբ ամբողջ ունեցածդ կը նուիրես, դեռ կ'ունենաս այն զգացումը, որ կարծես թէ ...

Friday, June 12, 2020
ՀԱՅՐԵՆԻՔ Շաբաթաթերթէն յօդուածներ...
ՆՈՒԻՐԵ՛ՆՔ…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

« Իսկական առատաձեռնութիւն կը նկատեմ այն, որ երբ ամբողջ ունեցածդ կը նուիրես, դեռ կ'ունենաս այն զգացումը, որ կարծես թէ անիկա ոչինչ արժած է քեզի»:
Ֆրանսացի գրագէտ՝ Սիմոն Տը Պօվուար (1908-1986)

Աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր, Պսակաձեւ ժահրը ո՛չ միայն իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորիս ուշադրութիւնը, այլ նաեւ անշարժեցուցած է ԿԵԱՆՔԸ:
Մեծ պետութիւններ կարելի ամէն ճիգ կը թափեն եւ կ'աշխատին լուծումներու յանգիլ, այս անդամալուծող վիճակէն դուրս գալու համար: Սակայն պարագան նոյնը չէ Երրորդ աշխարհի երկիրներուն համար, ուր միջոցները...

Read More »

ՓԱՇԻՆԵԱՆ – ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԸ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏԻՆ ՄԷՋ

Ա.Ա.

Հայաստանի մէջ քաղաքական լարուածութիւնը ակնյայտ է՝ իշխանութիւններուն եւ Ազգային Ժողովին մէջ ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութեան՝ Բարգաւաճ Հայաստանի միջեւ։ Այս ծիրին մէջ է, որ քաղաքական գնահատականներ կը տրուին նախորդ օրերուն համացանցին վրայ յայտնուած՝ Բարգաւաճ Հայաստանի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի առնչուած նիւթերուն հրապարակումներուն։
Ըստ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Աբովեանի, իշխանութիւնները քարոզչական արշաւ մը սկսած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի դէմ՝ քառասուն տարուան վաղեմութիւն...

Read More »

Հայրենիքէն «Հայրենիք»-ին

Սոնա Յակոբեան

Լարուած ներքաղաքական կիրքեր, փոխադարձ մեղադրանքներ եւ հետզհետէ աճող թիւերով պսակաձեւ ժահրի դէմ ոչ այնքան արդիւնաւէտ պայքարով սկսուեց եւ աւարտուեց շաբաթը Հայաստանում: Քաղաքականութիւնը մեր հայրենակիցներին դիմատետրում իրար դէմ պատերազմելու առիթ է դարձել : Սակայն ոչ այս պատերազմն է պատերազմ, ոչ էլ այդ պատերազմում յաղթողներն են հերոսներ: Իրական հերոսներն այն տղաներն ու կանայք են, ովքեր իրենց կեանքը վտանգելով, մեզ խաղաղութիւն են պարգեւել: Այս շաբաթ շատերը յիշատակում էին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներից մէկին` Սասուն...

Read More »

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ԹՈՒՐՔԻԱ

Յ. Պալեան

Կը խօսուի Թուրքիոյ նախագահի կայսերական փառասիրութեան մասին: Ինչ որ ըսուի կրկնութիւն կրնայ թուիլ: Լռութեան մեղսակցութեամբ, ան կը հետապնդէ սուլթանական երազանքը, իր անձին մէջ միացնելով քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդի ստորոգելիները՝ ինչպէս՝ խալիֆա սուլթանը:

Եթէ յոռեգոյնը պատահի, ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու՝ որ չէր գիտեր:

Համավարակի եւ հակախտրական բռնկումներու այս օրերուն, պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ մասին, որ իրաւազրկումներով եւ բռնագրաւումներով յառաջացուցած է ազգերու...

Read More »

Ցաւակցութիւն…Ազգային Մտահոգութիւններ…ե՛ւ Ուրիշ Բաներ…
Գէորգ Պետիկեան
Թէեւ հեռաձայնով եւ օրին, իր ամուսնոյն մահուան տխուր առիթով հանգուցեալ բարեկամիս այրիին՝ մեր վշտակցութիւնները յայտնած էինք, սակայն իբրեւ պարտականութիւն, որոշած էինք օր մը անպայման եւ պաշտօնապէս, տէր եւ տիկին այցելել: Եւ գացինք ցաւակցութիւն յայտնելու:
Բնակարանէն ներս, իբրեւ սգակիրներ, մեզմէ առաջ արդէն բաւական թիւով ցաւակցողներ կային, ինչպէս նաեւ եղան մեր ներկայութեան ալ: Հիւրասենեակը խճողուած էր մահացողին մեզի ծանօթ եւ անծանօթ ազգականներով, մօտիկ բարեկամ-հարեւաններով: Մէկ խօսքով, այնպիսի դէմքերով, որոնց թերեւս...

Read More »

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ(3)

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

Պուրճհամմուտցի ամէն մանուկ եռալեզու դարձած կը դիմաւորէր գիտակցական տարիքը. ան իւրացուցած կ'ըլլար արդի հայերէնը, որ մասնաւորաբար դպրոցին մէջ կիրարկուողն էր, բարբառ մը, որ յատուկ էր տան մէջ ապրող մեծհօր մը կամ մեծմօր մը, եւ թրքերէնը, որուն մենք նոյնքան կը տիրապետէինք, որքան հայերէնին, երբեմն նոյնիսկ աւելի լաւ: Կային տղաք, որոնք միայն դպրոցը հայերէն կը խօսէին, իսկ ժամանակին մնացեալ մասը թրքերէն կը հաղորդակցէին թէ՛ տան մէջ, թէ՛ փողոցը, մանաւանդ եթէ կու գային թրքախօս ընտանիքէ:

Ուրեմն կային նաեւ հայախօս...

Read More »

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ մարտ 2020-էն ետք փոխարինուեցաւ առցանց հարթակներով: Այս իրավիճակին...

Read More »

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻՆ

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»

(յապաւուած)

Այս տարի կը նշուի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին 75-ամեակը: Մարդկութեան ընթացքը այլ հունի մէջ դրած այդ պատերազմին մէջ ներքաշուած էին աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը, ահա թէ ինչու պատերազմի աւարտին 75-ամեակը սկսած են տօնել բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով նաեւ, որ զանազան երկիրներու մէջ պատերազմը տարբեր թուականներու աւարտած է: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին աւելի քան 30 երկիրներէն 100 միլիոնէ աւելի մարդու մասնակցութիւնը աննախադէպ էր պատերազմներու պատմութեան մէջ,...

Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔԷՋ «HYPERALLERGIC»-Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՀՐԱԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Hyperallergicը համացանցային կայքէջ մըն է, որ բացառապէս կը վերաբերի արուեստի եւ մշակոյթի զանազան ոլորտներուն, ինչպէս՝ նկարչութիւն, ֆիլմաշխարհ, երաժշտութիւն, թատրոն… եւ այլն։ Կայքէջ այցելողը հո՛ն կը գտնէ համաշխարհային արուեստին վերաբերող լուսաբանութիւններ, փորձագրութիւններ, վերլուծական յօդուածներ, կարծիքներ, լուրեր, տեղեկագրութիւններ, հարցազրոյցներ, տեսերիզներ եւ զանազան նիւթեր։

Hyperallergic առցանց հրատարակութիւնը հիմնուած է Հրակ Վարդանեանի եւ Վիգէն Կուիկեանի միասնական ջանքերով։ Այս կայքէջին (https://hyperallergic.com/) մասին մանրամասնութիւններ...

Read More »

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԸ


Երեկոյ է: Բնութեան այս ժամերու անբարբառ մեղեդին ունկնդրելու պահը: Վերջալոյսի մը ականատեսը ըլլալու պահը:

Վերջալոյս, ուր վերջ կը գտնէ օր մը, մութ շղարշով կը պատուի եւ որպէս ապրուած օրուան մը հաւաստիք կը դրոշմուին պահերը անհատին անցեալի տետրէն էջ մըն ալ լեցնելով: Մութ շղարշը յամր քայլերով կը պարուրէ վերջալոյսը, ինչպէս աղջամուղջը կը ճեղքէ լոյսը եւ մութին նախաքայլերը կը պատրաստէ իր բազմերանգ էութեամբ: Լոյսին կը խառնուի կրակը՝ կարմիր, դեղին, նարնջագոյն, գինեգոյն…, որ այրելով կը մոխրանայ եւ սողուն այրուցքը իր ճամբուն ընթացքին ամէն ինչ կը դարձնէ...

Read More »


www.hairenik.com | www.armenianweekly.com | www.hairenikweekly.com
80 Bigelow Avenue, Watertown MA 02472
Subscribe to our list - Unsubscribe from this list - Forward to a friend
© Copyright Hairenik Association Inc. 2013

Safely Unsubscribe ArchivesPreferencesContactSubscribePrivacy

Email subscriptions powered by FeedBlitz, LLC • 365 Boston Post Rd, Suite 123 • Sudbury, MA 01776, USA